2013-09-04 09:48:13

Ուրուկուէի Մէջ Սեպտետմբեր Ամիսը Նուիրուած Է Աստուածաշունչի` ''Աստուծոյ Խօսքին''։


Մէկ սեպտեմբերին Ուրուկուէյի մէջ սկիզբ առաւ ''Ս. Գիրքի ամիսը'' , որուն ընթացքին Աստուածաչունչի պատասխանատու յանձանախումբը կը հրաւիրէ հաւատացեալները ընդունելու, ապրելու ու ճանչցնելու Աստուծոյ խօսքը։ Տօնախմբութիւնը կ'եզրափակուի 30 սեպտեմբերին ս. Հերորոնիմոսի տօնին օրը։ Ան եղած է Ս. Գիրքի մեծ սիրահարը ու բոլոր կեանքին ընթացքին աշխատած է Աստուծոյ կամքին համաձայն այնքան որ սերտելով ս. Գիրքը մեծագոյն թարգմանիչը հանդիսացաւ լատիներէն Աստուածաշունչին, որ ճանչցուած է ''Վոլկադա'' անունով։ Այս առթիւ Ուրուկուէյի եկեղեցին յատուկ ծանուցագրեր ու թղթիկներ կը տրամադրէ հաւատացեալներուն լաւագոյնս ճանչցնելու ու ծաւալելու Աստուծոյ խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.